Միջին Արևելքի եկեղեցիները դիմագրավում են լուր...

Հրաւէրով Վատիկանի Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարաններու տնօրէնութեան, Երեքշաբթի, 19 Մայիս 2026-ին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը դասախօսութիւն տուաւ «Միջին Արեւելքի Եկեղեցիները Դիմագրաւող Մարտահրաւէրները» նիւթին շուրջ: Նախապէս երեք առիթներով Նորին Սրբութիւնը նոյն համալսարանին մէջ հրապարակային դասախօսութիւններ տուած է:

Դասախօսութեան ներկայ էին համալսարանի դասախօսներ, դեսպաններ, հոգեւորականներ եւ Վեհափառ Կաթողիկոսին պատուիրակութեան անդամները: Նորին Սուրբ Օծութիւնը իր խօսքը սկսաւ ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացնելով տագնապներով լեցուն Միջին Արեւելքի ներկայ կացութիւնը եւ այդ ծիրէն ներս եկեղեցիներու դիմագրաւած դժուարութիւնները:

Ապա, ան լայնօրէն անդրադարձաւ երկու կարեւոր խնդիրներու.-

ա) Քրիստոնեայ համայնքներու իրաւունքներու անտեսումը իբրեւ քաղաքացիներ իրենց ապրած երկիրներուն մէջ (բացի Լիբանանէն):

բ) Քրիստոնեաներուն արտագաղթը Միջին Արեւելքէն:

Յիշեալ երկու դժուարութիւններուն առաջքը առնելու կարելիութիւններուն ուղղութեամբ իր տեսակէտները պարզեց Վեհափառ Հայրապետը: Ապա, ան շեշտեց, թէ շրջանէն ներս քրիստոնէութիւնը պէտք է ունենայ յստակ ռազմավարութիւն, որ ըլլայ իրատես ու գործնական՝ համապատասխան աշխարհաքաղաքական ներկայ պայմաններու հոլովոյթին:

Այս ուղղութեամբ, Հայրապետը եօթը կէտեր ընդգծեց՝ իւրաքանչիւրին պարագային անհրաժեշտ բացատրութիւններ տալով.-

ա) ամուր կապուածութիւն ապրած երկիրներուն,

բ) համայնքային կեանքի վերակազմակերպում ու վերակենսաւորում,

գ) կրօնական ինքնութեան եւ ազգային ինքնութեան փոխ-կապակցութիւն,

դ) փոքրամասնութիւն ըլլալու հասկացողութեան յստակացում,

ե) քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութենէ անդին գործակցութիւն,

զ) սոսկ դիտողի կրաւորական վիճակէն՝ գործողի դերակատարութիւն եւ

է) ինքնակղզիացումէ ու ինքնապաշտպանութենէ՝ մասնակցութիւն:

Դասախօսութեան երկրորդ բաժինին մէջ, Արամ Ա. Կաթողիկոս խօսեցաւ եկեղեցիներու միջեւ ամուր գործակցութիւն յառաջացնելու, հասարակաց գետիններ ճշդելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդ յարաբերութիւնը ծաւալելու կարելիութիւններու մասին:

Այս ուղղութեամբ ան Զատկուան միացեալ թուական մը ճշդելու անհրաժեշտութիւնը շեշտեց:

Ան նաեւ ընդգծեց եկեղեցիներու կրթական առաքելութիւնը վերակազմակերպելու հրամայականը, ինչպէս նաեւ մատնանշեց որոշ կարելիութիւններ, միջ-եկեղեցական գործակցութիւնը աւելի ամրապնդելու գծով:

Իր դասախօսութեան աւարտին, Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետը կոչ ուղղեց Միջին Արեւելքի եկեղեցիներուն՝ իրենց գործակցութիւնը աւելի ծաւալելու եւ եկեղեցի-ժողովուրդի յարաբերութիւնը ազդու միջոցներով նոր հունաւորում տալու։

Միջին Արեւելքի պետական պատասխանատուներուն՝ իրենց երկիրներու կեանքին աւելի գործօն մասնակցութիւն բերելու կարելիութիւնը տալու իրենց քրիստոնեայ քաղաքացիներուն: Արեւմտեան երկիրներուն՝ իրենց զօրակցութիւնը գործնապէս արտայայտելու շրջանի եկեղեցիներուն նկատմամբ:

Եկեղեցիներու սփիւռքներուն՝ իրենց հաւատարմութիւնը գործնական միջոցներով ցոյց տալու թէ՛ իրենց մայր եկեղեցիներուն եւ թէ՛ իրենց հայրենիքներուն նկատմամբ:

Դասախօսութենէն ետք, համալսարանի տնօրէնութիւնը ճաշկերոյթ մը սարքեց ի պատիւ Վեհափառ Հայրապետին: Ճաշկերոյթին ներկայ էին Կրէկորեան եւ Արեւելեան համալսարանի դասախօսները: