Յաւե՜րժ փառք ու խոնարհում Հայոց Ցեղասպանութեա...

ՈՒՂԵՐՁ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ՝

ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԵԱՆ 110-ՐԴ ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

 

«ԱՆՀԱՇՏ ՊԱՅՔԱՐԻԼ, ՈՐՊԷՍԶԻ «ԹՐՔԱԿԱՆ ԿՐԹՈՒԹԻՒՆԸ» ՉԴԱՌՆԱՅ

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՆՈՐԱՁԵՒՈՒԹԻՒՆ»

 

     Համայն Հայութիւնը՝ Ցեղասպանութեան 110-րդ ամեակը կը թեւակոխէ ազգային, տարածաշրջանային եւ միջազգային սրընթաց ու խելայեղ զարգացումներու յորձանուտին մէջ:

     Աշխարհաքաղաքական գործընթացներու համարեայ բոլոր մակարդակներուն վրայ տիրա­կան է անորոշութիւնը, անկայունութիւնը եւ անկանխատեսելիութիւնը, որը գոյութիւն ունեցող աշխարհակարգէ դէպի նոր ձեւաւորուող աշխարհակարգի փոխանցման ժամանակահատուած­նե­րուն բնորոշ իրավիճակ ըլլալով` համաշխարհային պատմութեան հոլովոյթին մէջ անվրէպ կրկնուող երեւոյթ մըն է:

     Գիտակցելով ու արձանագրելով հանդերձ մեր ազգի գոյութեան ու գոյատեւման, անկախ եւ ինքնիշխան պետականութեան յարատեւման սպառնացող միջազգային եւ տարածաշրջանային բազմաբնոյթ վտանգներու ու մարտահրաւէրներու սաստկութիւնը, հաշուի առնելով սակայն ներ-հայաստանեան զարգացումներու հրատապութիւնը, չենք կրնար առաջնահերթ կարեւորու­թեամբ չանդրադառնալ համազգային նշանակութիւն ներկայացնող հիմնախնդիրներուն:

     Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ գործող վարչախումբը՝ էութեամբ, բնոյթով եւ մտա­ծելակերպով ապազգային ու անհայրենիք, օրնիբուն կը բացայայտէ իր իսկական մտադրու­թիւններու դաւադիր բնոյթն ու մթին դիտաւորութիւններու հակահայ ուղղուածութիւնը:

     Մասնաւորապէս՝

     Ան կասկածի տակ կը դնէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ բազմաթիւ պետութիւններու կողմէ ճանչցուած ու դատապարտուած, պատմագիտականօրէն վաւերագրուած ու փաստագրուած, արխիւային հսկայածաւալ ու արժանահաւատ տուեալներով հիմնաւորուած պատմական իրողութեան անժխտելի փաստը:

     Ան հարցականի տակ կը դնէ Թուրքիոյ կողմէ իրականացուած հայաջինջ Ցեղասպա­նութեան ընթացքին՝ սրախողխող ու սովամահ եղած հայորդիներու թուաքանակը:

     Ան Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն­ներու օրակարգէն կը յապաւէ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչնամ ու դատա­պարտման միտուած աշխատանքներու ուղեծիրը:

     Ան կը ժպրհի քաղաքական - հասարակական քննարկումներու դաշտ ներմուծել՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման եւ հատուցման ժամանակավրէպութեան եւ անիրատեսութեան գձուձ թէզերը ու ապազգային խօսոյթները, այդ ծիրին մէջ փորձելով սեպ խրել Հայաստան - Սփիւռք միասնականութեան ու համագործակցութեան սայլի անիւներուն մէջ, եւ դժբախտաբար, իր այդ նկրտումին մէջ, կը գտնէ հայկական սփիւռքի սակաւաթիւ խմբակներէ ու հատուկենտ անհատներէ կազմուած կատարածու ու յանցակից շարասիւն մը, որոնք մամոնայի կամ ձեւական պաշտօններու նշանակման դիմաց, պատրաստ են իրենց ամօթալի ծառայութիւնները մատուցելու ապազգային թէզերու տարածման սեւ գործին:

     Ան բարեհաճօրէն, աւելի ճիշդ, ստրկամիտօրէն ենթարկուելով թուրքա-ազերիական հրահանգներուն ու թելադրանքներուն, կը նպատակադրէ՝ Հայրենի պետութեան հիմնական օրէնքի, Սահմանադրութեան բովանդակութենէն հեռացնելու անոր անբաժան մասը կազմող Անկախութեան Հռչակագիրը, այն թիւր հիմնաւորմամբ, որ անոր մէջ նշուած ըլլալով, ե՛ւ Հայոց Ցեղասպանութեան հատուցման խնդիրը ե՛ւ Արեւմտեան Հայաստանի անուանումը, որը նշեալ տարածքի հայապատկանութիւնը հաւաստող ազգային, պատմա-մշակութային ու աշխար­հագրական ինքնագիրն է, ենթադրաբար կրնայ վնասել, երազուած «խաղաղութեան դարա­շրջանի» ձեւաւորման ջանքերուն:

     Այսօր, աւելի քան երբեք, իւրաքանչիւր գիտակից, սրտցաւ ու պատուախնդիր հայու հրատապ պարտականութիւնը պէտք է ըլլայ՝ բացայայտել, մատնացոյց ընել եւ ամէն կերպ վիժեցնել ապազ­գային եւ հակահայկական խօսոյթներու տարածման սայլին լծուած վարձու մունետիկ­ներու ստոր փորձերը:

     Այսօր, աւելի քան երբեք, ազգային գաղափարախօսութեան ակունքներէն սնուող հասարա­կա­կան - քաղաքական ցանկացած միաւորի առաջնային առաքելութիւնը պէտք է ըլլայ՝ անհաշտ պայքարիլ, որպէսզի «թրքական կրթութիւնը» չդառնայ հայկական նորաձեւութիւն:

     Այսօր, աւելի քան երբեք, մեր անյետաձգելի խնդիրը պէտք է ըլլայ՝ ազգային ինքնութիւնը եւ էութիւնը մաքրազտել զինք կրծող ու նեխող ցեցերէն, ու այդ գործի յաջողութիւնը պէտք է իրականացնել անյապաղ եւ անկաշկանդ:

     Այս առիթով, պէտք է ընդգծել կարեւոր հանգամանք մը, որ համայն Հայութեան ազգային կենսագործութեան եւ ընկալումի առանցքը պէտք է հանդիսանայ այլեւս:

     Թրքական հայասպան քաղաքականութիւնը կը՛ շարունակուի ու պիտի՛ շարունակուի՝ թէկուզ տարբեր ձեւերով եւ գործիքակազմով ու յաճախ ընթացիկ ժամանակներուն յարիր «փափուկ» միջոցներով, այնքան ժամանակ, որ Հայոց բռնագրաւուած հողերու ազատա­գրութեան նպատակը՝ որպէս Հայոց Ցեղասպանութեան իրաւաքաղաքական հատուցման միակ գերակայ եւ անփոխարինելի հրամայական չենք ամրագրած ազգովին, եւ զայն ի լուր աշխարհին չենք ծանուցած բարձրաձայն:

     Յաւե՜րժ փառք ու խոնարհում Հայոց Ցեղասպանութեան սրբադասուած զոհերու անմեռ յիշատակին առաջ:

     Յաւե՜րժ փառք ու խոնարհում Հայոց ազգային անկորչելի իրաւունքներու վերատի-րացման համար զոհուած բոլոր ազատամարտիկներու անջինջ յիշատակին առաջ:

     Յաղթանակը մերն է:

24 Ապրիլ 2025                   ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅ ԳԱՂՏՆԻ ԲԱՆԱԿ                                              Բովանդակ Հայաստանի Քաղաքական Ղեկավարութիւն